ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու նախագահ Էրտողանը աշխարհի համար «Քորոնանա» ժահրի համաճարակէն աւելի վտանգաւոր համարեց՝ աւելցնելով. «Եւրոպայի եւ աշխարհի համար ամէնէն մեծ վտանգը բռնապետութիւնն է, որ կը տարածուին Էրտողանի նման ղեկավարներու կողմէ: Քանի տակաւին մեր ժողովուրդը կը տառապի, կայ լուռջ զեղծարարութիւն եւ մեր երկրին արժանապատուութիւնը կը վարկաբեկուի արտասահմանի մէջ, մենք պիտի շարունակենք արտահերթ ընտրութիւններու կոչ ընել»։
Միւս կողմէ, ամերիկեան արհեստավարժ պասքեթպոլի մարզիկ Էնես Քանթեր խստօրէն քննադատեց Էրտողանը՝ գրելով. «Ահաբեկչութիւնը ունի նոր դէմք մը: 10 տարուան ընթացքին 31 տագնապ՝ 10 երկիրներու (Յունաստան, Ռուսիա, Կիպրոս, Սուրիա, Լիպիա, Իրաք, Հայաստան, Ֆրանսա, Սէուտական Արաբիա, քիւրտեր) հետ: Աշխարհը պէտք է հասկնայ, որ Էրտողանի բռնակալ եւ անգութ վարչակարգն է այդ տագնապներուն հեղինակը եւ ոչ թէ Թուրքիան: Պէտք է կեցնենք այդ ընթացքը եւ աշխարհին տանք խաղաղութիւն»:
Նշենք, որ Էրտողանը քննադատելուն համար, 2018ին Քանթերէն խլուեցաւ թրքական քաղաքացիութիւնը, իսկ անոր հայրը դատապարտուեցաւ 15 տարուան բանտարկութեան։