ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Կիրակի օր այցելեց Պաքու: Ան յայտնեց, որ Պաքու պիտի այցելէ նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: Բացայայտօրէն հաստատելով Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը՝ Չաւուշօղլու յայտնեց, թէ իրենք Պաքու կ՛այցելեն նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յանձնարարութեամբ:
«Մենք նախագահին յանձնարարութիւնը ունինք Ատրպէյճանը մինակ չձգելու այս գործընթացին մէջ, պարբերաբար այցելելու Պաքու եւ համատեղ գործելու», նշուած է Չաւուշօղլուի այս խօսքը մէջբերող Ատրպէյճանի նախագահի կայքին վռայ՝ փաստօրէն հաստատելով Արցախի վրայ կատարուող յարձակման մէջ Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութիւնը: