ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ռաս Ուլ Այն (Սերեքանիյէ) շրջանին մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Սուրիոյ ազգային բանակ» (ՍԱԲ) զինեալ խմբաւորման 7 անդամներ յանձնուեցան քրտամէտ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր (SDF) դաշինքի զինեալներուն, կը տեղեկացնէ Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւունքներու դիտարկման սուրիական կեդրոնը։
Կը նշուի, որ «Սուրիոյ ազգային բանակ» խմբաւորման զինեալները քրտական ուժերուն յանձնուած են, որովհետեւ կը վախնան, որ Արցախի ճակատ պիտի ղրկուին:
Մարդկային իրաւունքներու դիտարկման սուրիական կեդրոնը աւելի կանուխ հաղորդած էր, թէ «Սուրիոյ ազգային բանակ»ի 8 զինեալներ եւս 21 Հոկտեմբերին յանձնուած էին քրտամէտ դաշինքի զինեալներուն: