Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերի երեկոյեան, առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ քահանայ հայրերու, անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատասարանին առջեւ համախմբուած հայորդիներուն։
Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր հիւպատոսարանին առջեւ զետեղուած մեր հերոս նահատակներուն լուսանկարներուն դիմաց հայորդիներ կու գային իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, խունկ ծխելու եւ իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած։ Սրբազան հայրը եւ հոգեւորականները այս այցելութեամբ կու գային ներկայ ժողովուրդին աղօթակից եւ զօրակից ըլլալու։
Սրբազանին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մը մեր քաջարի նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար, որմէ ետք երգուեցան «Տէր ողորմեա»ն եւ «Մեր հայրենիք»ը։ Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Թորգոմ սրբազանը ըսաւ. «Մեր նահատակները մեկնեցան, որպէսզի մենք մնանք։ Անոնք շատ աւելի մեծ են քան մենք բոլորս։ Պատիւ մեր ժողովուրդին, որ միշտ յարգած է եւ կը շարունակէ բարձրագոյնս մեծարել յիշատակը բոլոր այն անմահներուն, որոնք դէպի երկինք մեկնեցան մեզի համար»։
Ներկայ հայորդիները մէ՛կ դարձած եւ «Յյաղթելու ենք» կարգախօսով գօտեպնդուած՝ անգամ մը եւս իրենց ուխտը վերանորոգեցին տէր կանգնելու իրենց սրբութիւն սրբոց հայրենիքին եւ ամէն գնով զօրակցելու հայոց արիասիրտ բանակին։