Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր 22 Հոկտեմբեր 2020ի տարեկան լիագումար ժողովին խորհրդակցութեանց նիւթ դարձուց 27 Սեպտեմբեր 2020ի Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը ընդդէմ Արցախի եւ Հայաստանի ու յայտարարեց հետեւեալը.
«Ազերի-թրքական զինեալ անակնկալ յարձակումը Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն երկայնքին շուտով վերածուեցաւ ամբողջական պատերազմի եւ կը շարունակուի հակառակ դիւրաբեկ զինադադարներու, ահաւոր կորուստ պատճառելով մարդկային կեանքի եւ ինչքի:
«ՀԱՀԽը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ առանց գրգռութեան եւ անակնկալ այս ռազմական յարձակումը, որ ակամայ մղեց Արցախը եւ Հայաստանը ինքնապաշտպանութեան պատերազմի: Կրկնակ դատապարտելի է, որ այս պատերազմին մէջ Ատրպէյճան կը վայելէ Թուրքիոյ եւ իր վարձկան ահաբեկիչներուն աջակցութիւնը:
«Ատրպէյճանի կողմէ մղուած սոյն պատերազմը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ վերագրաւել դարերու պատմութիւն ունեցող հայկական Արցախը, զոր Սովետ բռնակալութիւնը անարդարօրէն շնորհեց Սովետ Ատրպէյճանին, 1923 թուականին: Սովետական Միութեան անկումէն ետք, 1991ին, Արցախի ազատատենչ հայութիւնը իր արեան գնով իսկ ազատագրեց զայն եւ հռչակեց անոր անկախութիւնը:
«ՀԱՀԽը կոչ կ՛ընէ բոլոր խաղաղասէր ազգերուն՝ որ ճնշում բանեցնեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ պատերազմը դադրեցնելու, զինադադարը չխախտելու եւ ճանչնալու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:
«ՀԱՀԽը նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ Հանրապետութիւններուն՝ նեցուկ կանգնելով անոնց թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս: Առ այդ, նաեւ կոչ կ՛ընէ աշխարհասփիւռ բոլոր Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, կազմակերպութիւններուն, անդամներուն ու համակիրներուն, որ իրենց առատաձեռն մասնակցութիւնը բերեն Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան միջոցով»:
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդ