ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային ժողովի պատգամաւորները ծաղիկներ զետեղեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին 27 Հոկտեմբերի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին` անոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ:
«Ամէն անգամ այս օրը մեր ընտանիքներում յիշում ենք այնպէս, ինչպէս առաջին օրը: Այդ բօթը ցնցեց մեզ, մեր ընտանիքներին, մեր բարեկամներին, հայ ժողովրդին: Դա, կարելի է ասել, մեծ ահաբեկչութիւն էր, ոճրագործութիւն», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Զոհուած Արմենակ Արմենակեանի կինը: