ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ի.Էյ.Տէյլի»․- Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Միջազգային հարցերու յանձնախումբի ղեկավար Քոնսթանթին Քոսաչով յայտարարեց, որ Արցախի տագնապին մէջ սուրիացի զինեալներու մասնակցութեան հարցով Հայաստան պէտք է պաշտօնապէս դիմէ Ռուսիոյ, որպէսզի անիկա շրջանին մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւններու դիմէ:
Քոսաչով նշեց, թէ Ռուսիա չի կրնար տարածաշրջանին մէջ հակաահաբեկչական գործողութեան սկսիլ, առանց Երեւանի կողմէ պաշտօնական դիմումի եւ իրավիճակի մանրակրկիտ գնահատման: