ՊԷՅՐՈՒԹ.- Թրքական ուժերը երէկ սկսան իրենց զինուորները եւ զրահները հեռացնել Սուրիոյ Համա քաղաքի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մուրք հսկողութեան կէտէն, հաղորդեց «Մայատին»ի կայքը՝ աւելցնելով, որ թրքական ուժերը կը պատրաստուին իրենց պաշարուած կէտէն հեռանալ դէպի Իտլիպ նահանգի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ճապալ Զաուիա, ուր սկսած են ռազմավարական Քաուքաֆին գիւղին մէջ հսկողութեան նոր կէտ մը հաստատելու:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հիւսիսային Սուրիոյ ապահովական հարցերուն շուրջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք, յայտարարած էր, որ Իտլիպի մէջ Սուրիոյ բանակին յարձակումին հակադարձելու թրքական զինուորական գործողութիւնը «ժամանակի հարց է»: