ՊԵՐԼԻՆ, «Թասս».- Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս յայտնեց, որ ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիին վերաբերող միջադէպէն ետք, Գերմանիան չի պատրաստուիր հրաժարիլ Ռուսիոյ հետ երկխօսութենէն, որովհետեւ Մոսկուա անհրաժեշտ է շրջանային տագնապներու լուծման համար:
«Մենք Ռուսիոյ հետ նոյն սեղանին շուրջ կը նստինք ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, Լիպիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ` պերլինեան հոլովոյթին մէջ: Ժողովներուն մէջ կը խօսուի պատերազմները դադրեցնելու լուծում գտնելու մասին», նշեց գերմանական դիւանագիտութեան պետը:
Ան աւելցուց, որ առանց Ռուսիոյ կարելի չէ լուծել տագնապները ո՛չ միայն Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ, այլ նաեւ Արցախի, Պելոռուսի եւ Վենեզուելայի: