Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Պռօշեան գիւղի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ գումարտակի 2րդ վաշտի կամաւորներէն Գէորգ Հաճեանի եւ իր 5 ընկերներուն` Երուանդ Թադեւոսեանի, Կարէն Բադալեանի, Արման Խաչատրեանի, Տաւրոս Աբրահամեանի եւ Դանիէլ Թովմասեանի յուղարկաւորութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Նոյն օրը, հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Եռաբլուրի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ գումարտակի 2րդ վաշտի կամաւորներէն Քրիստափոր Արթինի եւ Սուրէն Վանցեանի յուղարկաւորութիւնը: