ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Յունաստանի կառավարական օդանաւ մը 20 վայրկեան պահած են Մոսուլէն հիւսիս՝ թուրք-իրաքեան սահմանին վրայ, մերժելով թռիչքին արտօնութիւն տրամադրել, հակառակ անոր, որ անոր նախապէս հաւանութիւն տուած էր: Օդանաւին մէջ կար արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս, որ վերջերս խստօրէն դատապարտած էր տարածաշրջանին մէջ Անգարայի ապակայունացնող քայլերը։
«Այդ արարքը խախտում է դիւանագիտական կանոններուն», կը նշէ ERT կայանը՝ աւելցնելով, որ հարցը լուծուեցաւ դիւանագիտական թէժ բանակցութիւններէ ետք, մինչ օդանաւը կը դիմագրաւէր վառելանիւթի անբաւարարութեան վտանգը։