ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացէ, թէ Պելճիքայի Ֆլաման նահանգի խորհրդարանը 15 Հոկտեմբերին միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի մէջ պատերազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ մը:
Անոր մէջ կը նշուի, որ 10 Հոկտեմբերին ձեռք բերուած զինադադարը խախտած է Ատրպէյճան՝ Ստեփանակերտը ռմբակոծելով եւ թէ Պաքուն կը խախտէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը՝ ոչ-ռազմական թիրախներ հարուածելով, որմէ մեծապէս կը տուժէ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ Թուրքիա իր քայլերով կ՛ապակայունացնէ տարածաշրջանը, անդրադառնալով նաեւ Անգարայի կողմէ Արցախի դէմ կռուելու համար սուրիացի ահաբեկիչ վարձկաններու օգտագործման:
ԱՒՍՏՐԻԱ
Աւստրիոյ խորհրդարանը եւս միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի հարցով առաջարկ-միջնորդութիւնը, կը յայտնէ Աւստրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը:
Միջնորդութիւնը ընդունուած է միաձայնութեամբ, իսկ անոր հիմնական դրոյթները կը վերաբերին հրադադարին ուղղուած՝ Աւստրիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ջանքերուն, Թուրքիոյ միջամտութեան եւ զէնքի մատակարարման դատապարտման եւ Վիեննայի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւններու կայացման:
ՍՊԱՆԻԱ
Սպանիոյ խորհրդարանի 21 պատգամաւորներ եւ 15 ծերակուտականներ թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը դատապարտող համատեղ յայտարարութիւն մը տարածեցին, կը հաղորդէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, որ կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Միջազգային հանրութեանը կոչ ենք անում ճանաչել Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը՝ Արցախի քաղաքացիների խաղաղ կեանքի իրաւունքն ապահովելու նպատակով»: