Արցախի անկախտութիւնը Ճանչնալու պահանջով ցոյց
ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս»․- Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծը, կը յայտնէ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Փափազեան`աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ վերջին օրերուն համակարգուած աշխատանք կը տարուի ֆրանսացիներուն հետ:
«10 օրէ ի վեր մենք Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Տոմինիք տը Վիլփենի, տեղացի լրագրողներու, խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ կ՛աշխատէինք` բացատրելով, թէ 27 Սեպտեմբերէն ի վեր ինչ տեղի կ՛ունենայ արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծին երկայքով, կը ներկայացնէինք նաեւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը եւ դերը անոր տեղափոխած վարձկաններուն, որոնք փոխած են տագնապին պատկերը: Բացատրած ենք, որ հանգուցալուծման միակ իրական քաղաքական ճանապարհը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է միջազգային հանրութեան կողմէ: Եւ որովհետեւ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ մարդիկ իրականութիւնը արագ կը հասկնան, նախագիծը արդէն մտաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի ստորին պալատը», ըսաւ Փափազեան:
Կը նախատեսուի, որ նախագիծը քննարկուի յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին: Նախագիծը առաջին ստորագրողը եղած է Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Փուփոնը: Փափազեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած ֆրանսացի գործընկերներուն, որոնք իրենց հայանպաստ ձեռնարկումներով հետեւողականօրէն իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն Արցախի հարցի կարգաւորման եւ արդարութեան վերականգնման գործընթացներուն մէջ:
Փափազեան նկատել տուաւ, որ նոյն ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին Լոնտոնի եւ Հռոմի մէջ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը խորհրդարանին կից տարածքին մէջ 13 Հոկտեմբերի գիշերը բազմամարդ հաւաք կատարեց՝ Արցախի անկախութիւնը ճանաչելու պահանջով:
Լրագրող Էլլադա Ղուկասեան ընդգծեց, որ Արցախի անկախութիւնը ճանաչելու պահանջով 20 Հոկտեմբերին եւս հաւաք տեղի պիտի ունենայ, նոյն վայրը:
Բազմամարդ հաւաքին ելոյթ ունեցան Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան: Հաւաքին ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ: