ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 14 Հոկտեմբերին տեղեկացուց, թէ ցարդ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն առաւել քան 750,000 դիմումներ կատարուած են Քոնկրեսին՝ պահանջելով անկէ, որ ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնարարքները խստօրէն դատապարտէ, այլ նաեւ Պաքուի ու Անգարայի դէմ անդամալուծող պատժամիջոցներ որդեգրէ, անոնց գործադրած պատերազմական ոճիրներուն համար։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին այս արշաւին մասին պատրաստուած տեսանիւթը կարելի է դիտել https://youtu.be/euMLe9D_WUI կայքէջին վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, անոր բարեկամներուն եւ մարդկային տարրական իրաւանց պաշտպաններուն, որ հակահայ այս ոճիրներուն համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ ազդու պատժամիցներու պահանջով շարունակեն Ուաշինկթընին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել՝ մասնակցելով արշաւին եւ այցելելով https://marchtojustice.org/enroll-rapid-responder կայքէջը։
Just two weeks ago, the people of Artsakh and Armenia were living in peace. Now, their homeland has turned into a warzone at the hands of Azerbaijan and Turkey. They need our help urgently.