ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Օհայոյի հայութեան, որ նեցուկ կանգնի նահանգին քոնկրեսական Ա․ տարածքը ներկայացնող քոնկրեսական Սթիւ Շապոթը պարտութեան մատնելու ջանքերուն, որովհետեւ ան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երկարամեայ դաշնակիցն է եւ ղեկավարն է Քոնկրեսի Ատրպէյճանական համախմբումին։
Շապոթի մրցակիցն է դեմոկարտ Քէյթ Շրոտըրը, որուն ընտրապայքարին ծանօթանալու համար այցելել www.kateforcongress.com/ կայքէջը։