ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Ճօ Պայտըն եւ փոխնախագահի թեկնածու Քամըլա Հերիս 13 Հոկտեմբերին երկու անջատ յայտարարութիւններ տարածեցին Արցախի տագնապին վերաբերեալ` ընդգծելով, որ բախումներուն ընթացքին Թրամփի վարչակազմը մեծ մասամբ «անհասկնալիօրէն կրաւորական էր»:
Պայտըն մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի հակամարտութեան գօտիին վրայ 10 Հոկտեմբերին ի զօրու դարձած զինադադարի խախտումներուն նկատմամբ՝ նշելով. «Անօդաչու թռչող սարքեր, ռումբեր եւ հեռահար հրետանին հարիւրաւոր կեանքեր կը խլեն սահմանագիծի երկու կողմերուն վրայ՝ տեղահանելով հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ: 27 Սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններու բռնկումէն ի վեր ո՛չ նախագահ Թրամփ, ո՛չ ալ արտաքին գործոց նախարար Փոմփէօ հեռաձայնեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն, երբ տարածաշրջանը կրակներու մէջ է: Դիւանագիտութիւնը Մոսկուան լիազօրելու փոխարէն, ամերիկեան վարչակազմը պէտք է առաւելագոյն ներգրաւուածութիւն ունենայ ամենաբարձր մակարդակներու վրայ` աշխատելով մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ մարտերը կանգնեցնելու եւ երկու կողմերը բանակցութիւններու վերադարձնելու համար»։
Ան շեշտեց, թէ Թրամփի վարչակազմը պէտք է հասկցնէ Պաքուին, որ չի հանդուրժեր հակամարտութեան ռազմական լուծում պարտադրելու վերջինիս ջանքերը եւ թէ անհրաժեշտ են յուսալի բանակցութիւններ հակամարտութեան տեւական լուծման շուրջ:
«Ամերիկա պէտք է դադրեցնէ փաղաքշել թէ՛ Թուրքիան եւ թէ Իրանը եւ պէտք է պահանջէ, որ հեռու մնան այս հակամարտութենէն: Հայաստանին պէտք է փոխանցուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի կից շրջանները չեն կրնար գրաւուած մնալ։ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարումը եւ ռազմական լուծումը խրախուսող ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը անպատասխանատու է: Դիւանագիտական լուծումի հասնիլը դիւրին չէ, բայց Թրամփի վարչակազմը պարտաւոր է փորձել: Այդ պէտք է ընէ շտապ, նախքան աւելի շատ կեանքեր կորսնցնելը եւ հակամարտութեան ընդլայնումը», յայտնեց Պայտըն։