ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Պի․Սի․»․- Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը 13 Հոկտեմբերին որոշեց անմիջապէս կասեցնել 10 տարին անգամ մը տեղի ունեցող (2020ի) մարդահամարը, անսալով նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին։
Մարդահամարը ձախողութեան մատնելու համար շարք մը այլ քայլերու դիմած վարչակազմը կամայականօրէն որոշած էր 31 Հոկտեմբերի փոխարէն 30 Սեպտեմբերին աւարտել մարդահամարը։ Սակայն, այդ որոշումին դէմ բացուած դատերուն շնորհիւ մարդահամարը կը շարունակուէր, երբ վարչակազմը դիմեց Գերագոյն ատեանին, որ մօտիկ ապագային կրնայ աւելի պահպանողական դառնալ։
Հակառակ այն իրողութեան, որ վարին ատեաններու մէջ վարչակազմին ոռոշումին դէմ դատերը կը շարունակուին, անհաւանական է, որ մարդահամարը վերսկսի։