Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Թուրքիոյ նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան դիմումին հիման վրայ տուաւ զայն կիրառելու մասին որոշում:
ՄԻԵԴի որոշման մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Դատարանը կը վերահաստատէ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին 29 Սեպտեմբերի որոշումը եւ կոչ կ՝ընէ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Թուրքիոյ, զերծ մնալու քաղաքացիական բնակչութեան՝ համաձայնագիրով պաշտպանուող իրաւունքները խախտելէ»: