Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու երէկ այցելեց Պաքու, ուր նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկեց Արցախի իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք, Չաւուշօղլու ընդգծեց Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին ընդդէմ Հայաստանի:
«Աշխարհը պէտք է կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի լարուածութեան մէջ ճիշդ կողմին կողքին, եւ ճիշդ կողմը Ազրպէյճանն է», պնդեց ան:
Չաւուշօղլու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «միջամտելու եւ վերջ տալու Ատրպէյճանի հողերուն հայկական բռնագրաւումին, եւ բռնագրաւեալ հողերէն Հայաստանի հեռանալէն բացի այլ լուծում չկայ»: