ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին, Կիրակի, 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 5-7ը, համացանցային «Զում» հարթակին միջոցաւ, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած հոգեբանական եւ ընկերային հարցերուն նուիրուած հանրային քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ։
Քննարկումը պիտի առաջնորդէ հոգեբուժ տոքթ․ Իտա Գարայեան ։
Քննարկումին մասնակցելու համար այցելել https://zoom.us/j/97677444137 կայքէջը։