ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ․Փի․»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ օր խստօրէն քննադատեց նախագահ Էրտողանը Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն հետ համեմատելու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի քայլը։
Արդարեւ, հակադարձելով իշխանութենէն չհեռանալու Թրամփի Չորեքշաբթի օր կատարած սպառնալիքին՝ Փելոսի ըսած էր. «Գիտենք, որ ան (Թրամփ) կը հիանայ Փութինի, Քիմ Ճոնի Ունի եւ Թուրքիոյ Էրտողանի արարքներով։ Սակայն կ՛ուզեմ յիշեցնել իրեն, որ ինք Հիւսիսային Քորէա, Թուրքիա կամ Ռուսիա չի գտնուիր։