ՈՒԱՇԻԿՆԹԸՆ, «Տը Հիլ»․- Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ եւ այժմ նախագահի պաշտօնին թեկնածու Ճօ Պայտըն Աշխատանքի ամերիկեան դաշնակցութեան նախագահ Ռիչըրտ Թրամքայի հետ առցանց հանդիպումի մը ընթացքին խոստացաւ ըլլալ «Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն ազդու աշխատաւորական նախագահը»:
«Կրնաք վստահ ըլլալ, որ «միութիւն» բառը շատ պիտի լսէք, եթէ ես ըլլամ Սպիտակ տան մէջ», ըսաւ Պայտըն՝ ակնարկելով վերջին տասնամեակներուն իրենց անցեալ ազդեցութիւնը զգալիօրէն կորսնցուցած աշխատաւորական միութիւններուն:
Նախկին փոխնախագահը նաեւ անդրադարձաւ այն տեղեկութեան, թէ նախագահ Թրամփ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին զոհուած ամերիկացիները «անյաջողակներ» կոչած է, զայն կոչելով «բացարձակ հակաամերիկեան»:
Պայտըն անթոյլատրելի որակեց «մեր ազգին համար ծառայած, իրենց կեանքը վտանգած եւ զոհուած ամերիկացիները «անյաջողակներ» կոչելը»` յիշատակելով իր հանգուցեալ աւագ որդին` Իրաքի պատերազմի վեթերան Պօ Պայտընը:
Նախապէս լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ 2018ին, Ֆրանսա գտնուելուն ընթացքին, Թրամփ ջնջած էր ամերիկացի զինուորներու գերեզմանը այցելութիւնը: «Աթլանթիք» ամսագիրը, յղում կատարելով բարձրաստիճան անանուն աղբիւրներու` նշած է, որ Թրամփ չերթալը պատճառաբանած է անով, որ այդ գերեզմանատունը «անյաջողակներով» լեցուն վայր է: Աւելի ուշ, Թրամփ հերքած էր այդ լուրը: