ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ»․- Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ Միջերկրական ծովուն մէջ կազի եւ քարիւղի հարստութիւններուն շուրջ լարուածութենէն ետք, Ռուսիան պատրաստակամութիւն յայտնեց Աթէնքի, Նիկոսիոյ եւ Անգարայի միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կիպրացի պաշտօնակից Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուան պատրաստ է միջամտելու լարուածութիւնը մեղմացնելու համար:
«Երբ բոլոր կողմերը մեզմէ խնդրեն՝ մենք պատրաստ ենք նպաստելու բարի դրացիական յարաբերութիւններու կառուցման», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ Մոսկուա շարունակ շրջանի ղեկավարներուն կոչ ուղղած է «այդ տարակարծութիւնները լուծելու երկխօսութեան ճամբով եւ իրաւական շրջագիծի մը մէջ»:
Լաւրով Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ իր հանդիպումին սկիզբը յայտնեց, որ Մոսկուա մտահոգ է Միջերկրական ծովուն մէջ տիրող կացութեամբ: «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, մենք պատրաստ ենք ամրապնդելու հաստատումը գործնական երկխօսութեան մը, որ հիմնուած է հասարակաց շահերու եւ լուծումներու որոնման վրայ, որոնք արդար եւ միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած կ՛ըլլան»:
Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը խորապէս մտահոգ է, որ «հեռուն գտնուող ուժ մը` Միացեալ Նահանգները կը փորձէ այս շրջանի երկիրները իրարու դէմ լարել, ընդհանրապէս ջատագովել «ով որ մեզի հետ չէ՝ մեր դէմն է» գիծը եւ բոլորը ստիպել այդ գիծին հետեւիլու»: