ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Forbes թերթը անդրադարձած է Gucci-ի հայազգի ձեւաւորող (designer) Արմինէ Յարութիւնեանին՝ նշելով, որ ան կը փոխէ գեղեցկութեան մասին պատկերացումները։ Այսպէս, Յարութիւնեանի «ոչ-աւանդական» արտաքինը Իտալիոյ մէջ բանավէճ յառաջացուցած է գեղեցկութեան չափանիշներու եւ «պատի շէյմինկ»ի («մարմինի խայտառակութեան») շուրջ:
Forbes-ը յօդուածը վերնագրած է «Ով է Gucci-ի հայազգի ձեւաւորողը եւ ինչպէս ան դարձած է «պատի շէյմինկ»ի զոհ Իտալիոյ մէջ»:
Forbes-ը նկատած է, որ 23ամեայ ձեւաւորողը արդէն ծանօթ դէմք մըն է Gucci-ի ցուցադրութիւններու ընթացքին: «Համաճարակի օրերուն իտալական զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ քննադատութեան պայթում եղաւ անոր «անսովոր» արտաքինy: Ան դարձաւ բացասական, ատելութեան խօսք պարունակող մեկնաբանութիւններու թիրախ», գրած է Forbes-ը:
Լրատուամիջոցը նաեւ մէջբերած է բացասական այս ալիքին իբրեւ պատասխան Արմինէ Յարութիւնեանի՝ La Repubblica-ին տուած հարցազրոյցէն հատուած մը. «Մարդիկ կը վախնան ամէն ինչէ՝ այն, ինչը տարբեր է: Գեղեցիկ ըլլալու շատ տարբեր ձեւեր կան»:
Յարութիւնեան կը նշէ, թէ առաջին անգամ չէ, որ բացասական մեկնաբանութիւններ կը ստանայ իր արտաքինին վերաբերեալ. թէեւ ցաւ կը զգայ, սակայն վճռական է անտեսելու այդ բոլորը: «Աւելի լաւ է տարբերիլ, քան նմանիլ ուրիշներու, նոյնիսկ եթէ անիկա բոլորին համար հասկնալի չէ: Խորհուրդս է՝ կեդրոնանալ դուն քու վրայ, թէ ո՛վ ես դուն եւ թէ իսկապէս ի՛նչ կը սիրես», յայտնեց Արմինէ Յարութիւնեան։