ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Յունաստանի նոր նշանակուած դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի հետ հանդիպումին ընթացքին, մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ ձեւաւորուած զինուորական համագործակցութեան գծով:
Ալիեւ նաեւ դեսպանին ներկայացուց ատրպէյճանական մաշած այն պնդումները, թէ Հայաստան «բռնագրաւած է Ատրպէյճանի հողերը, ցեղասպանութիւն գործած է Խոջալուի մէջ եւ բազմաթիւ ատրպէյճանցիներ վտարած է իրենց տուներէն»: