ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Սանա»․- Սուրիական բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին իսրայէլեան հրթիռային յարձակումի մը, որուն թիրախը Հոմսի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուր օդակայանն էր: Բանակը վար առաւ հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: Յարձակումը միայն նիւթական վնասներ պատճառեց:
Նշենք, որ Երեքշաբթի օր Դամասկոսի հարաւը գտնուող կարգ մը զինուորական դիրքերու վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած էին 2 զոհեր եւ 7 զինուորներ վիրաւորուած էին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հուսէյն Արնուսի գլխաւորութեամբ Սուրիոյ նոր կառավարութեան անդամները սահմանադրական երդում տուին նախագահ Պաշար Ասատի դիմաց: Երդման արարողութենէն ետք, Ասատ ողջունեց կառավարութեան կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։ «Երկրին շրջափակումը դիմակայելու ամէնէն կարեւոր միջոցը տեղական արտադրութեան սատար հանդիսանալն է», ըսաւ նախագահ Ասատ։