ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայոց լեռնաշխարհի շամբերը զարդարեցի ես, երբ դեռ չկային մարդը եւ աստուած,- նկատի ունիմ Վահագն գեղատեսիլ պատանին, ձեր ռազմի եւ քաջութեան դիքը,- Հասակ նետեցի ջինջ ջուրերու ամայութեան մէջ, զանոնք դարձուցի եղէգնապատ եղէգնուտներ: Ապա եկաք դուք, սիրեցիք զիս, քանզի երկայն էր հասակս, խոնարհ էի եւ երերուն: Ըստ ձեր քնարերգակ բանաստեղծներու՝ նուրբ էի ու դողդոջուն, ճկուն էի ու ճօճուն, հովերու քոյրն էի ես: Միթէ՞ հայ բանաստեղծը նկարիս մէջ իր վտիտ մարմինը կը տեսնէր, կամ եղէգնաբնակ յաւերժահարս մը կը դիտէր երազկոտ: Եղէգն եմ ես: Ջրաբոյս մը լոկ: Հայկազնեան ձեր հարուստ բառարանի նկարագրութեամբ՝ «Բոյս ջրարբի՝ երկայն ծղօտիւ, որոյ մէջն է դատարկ»: Ա՞նիկա է պատճառը, որ Թլկատինցին օր մը Արածանիի ջուրերը դիտելով պիտի գրէր. «Սրտիկս է պարապ, / Պարապ զէտ (նման, պէս) եղէգ՝ ծուծէն դատրկուած»: «Մէջն է դատարկ…», ճիշդ է: Սակայն ես ծնունդ տուի թէ՛ Վահագնին եւ թէ՛ հողեղէն մարդու սերունդներուն, մէջէս վազեցին թէ՛ ոսկեձայն մեղեդիներ եւ թէ՛ սիրաբորբոք երազներ: Ահա իմ փողէս ելած գրական բոցերով լի պատմութիւն մը:
Բուն անունս «եղէգն» է: Գրաբարախօս ձեր նախնիները այդպէս անուաներ են զիս: Սեռական տրական հոլովս «եղէգան» է: Երկար դարեր հանդարտութեամբ ապրեցայ այս ճահիճներու մէջ, գետերու ափին, լիճերու եզրին: Սակայն, օր մը երկիրը եւ երկինքը երկունքի մէջ դղրդացին, ծովը դարձաւ ծիրանի, կարմրիկ փողէս ծուխ ելաւ, «…ընդ եղէգան փող ծուխ ելանէր», կարմրիկ փողէս բոց ելաւ, «…ընդ եղեգան փող բոց ելանէր», ծնաւ խարտեաշ պատանեկիկ մը: Վահագն էր ան: Ձեր պատմահայրը Մովսէս Խորենացին այս եղելութիւնը աւանդելու համար ճեղքեց շքեղ եղէգ մը: Այդ օր ես դարձայ «Գրիչ եղէգնեայ»: Այդ գրիչով ձեր սուրբերը Աստուածաշունչ թարգմանեցին ու անոր մէջ զիս յիշեցին որպէս «ցուպ եղէգնեայ» եւ «գաւազան եղէգնեայ»:
Ձեր լեզուի պարարտ հողի վրայ ես աճեցայ արագ, ինչպէս Զանգեզուրի եղէգները, ըստ Համօ Սահեանի.
«Ինձ կանչում է երկիրն այն անձրեւոտ,
Ուր մի գիշերուայ մէջ՝ մարդահասակ
Մի եղէգ է աճում անձաւի մօտ»:
Հմուտ գրիչներու շնորհիւ դարձայ պերճ եւ աչքառու: Ահա տասը պատկերաւոր բառեր, որոնք ծաղկեցան իմ արմատներէս. եղէգնախառն, եղէգնախունկ, եղէգնափրփուր, եղէգնաշէն, եղէգնաշամբ, եղէգնացուպ, եղէգնաձեւ, եղէգնաքար, եղէգներեր, եղէգնաբոյս:
Ձեր գրական Ոսկեդարուն, պատմիչներ Ագաթանգեղոսը եւ Ղազար Փարպեցին ինձմով շինեցին երկու գեղեցիկ արտայայտութիւններ. «Եղէգնաբնակ երամ», «Եղէգնաբնակ ազգ»: Հայ շինականը երբ զիս կը գործածէր տանիք ծածկելու կամ խսիր հիւսելու համար, հայ մատենագիրն ալ իմ արմատներովս կը հիւսէր ընտիր բառեր: Թէեւ անոնք այժմ ժամանակավրէպ ըլլալ կը թուին, ամենայն դէպս կ՛արժէ յիշել որպէս հնաւանդ հարստութիւն: Շատ հին ժամանակ գարեջուրը ամաններէն ծծելու համար կը գործածէիք «եղէգնափող», քաղհանի պակասութեան պատճառով բամպակի ցանքը կ՛ըլլար «եղէգնակոխ», ճակնդեղի շաքարին փոխարէն «եղէգնաշաքար» կը գործածէիք, կը շինէիք «եղէգնահիւս» տաղաւարներ եւ պատեր, հին Հայաստանի ապակեգործ արհեստաւորները, ինչպէս Դուին մայրաքաղաքի աշխարհահռչակ վարպետները, շիկացած ապակիին շունչ տալու համար կը գործածէին «եղէգն ապակագործաց»: Հովու հետ իմ պարն ալ դարձաւ արտայայտութիւն. «Եղէգն շարժուն ի հողմոյ յանապատի», այսինքն հեղհեղուկ գաղափար, առարկայ, անհաւատալի բան: Իսկ Արցախի մէջ չարաճճի եւ կրակի կտոր երեխաները կոչեցիք՝ «Գետում եղէգ տնկող»:
Ինծի համար ամէնէն մեծ պատիւն էր, երբ դուք ձեր գիւղերը, աւանները, գաւառները, վանքերը, լիճերը, ձորերը, նոյնիսկ ամրապատ եւ անբեկանելի ամրոցները անուանեցիք՝ «Եղէգ»: Շրջիմ Հայոց երկրին վրայ, պոկեմ երկու երազ անուն. Եղէգառիճ, Եղէգեայ, Եղէգնագեղ, Եղէգնագիւղ, Եղէգնաձոր, Եղէգիս, Եղէգնոց, Եղեգնուտ, Եղէգնաւան, Եղէգնավանք: Իսկ Եղէգիքը, Սիւնիքի աշխարհին մէջ մեծ աւան էր եւ գիւղաքաղաք, համանուն բերդով: Միջին դարերուն ան կոչուած էր «Եղէգեաց ձոր», որ ուղիղ իմաստով կը ստուգաբանուի «Եղէգներու ձոր»:
Յարգելի ընթերցող, ես վարդ չէի, ոչ ալ՝ մեխակ: Բայց միջնադարու հայ աշուղը նկատեց գեղեցկութիւնս: Զիս նկարագրելու համար հնարեց երեք ածական. եղէգնիրան, եղէգնօրօր, եղէգնամէջք: Ան զիս դիտեց, որպէս նրբակազմ հարսանցու կամ նորապսակ աղջիկ: Ժողովրդական հին երգ մըն է, որ կ’ըսէ.
«Երեստ է կարմիր ու լայն,
Ի վարդի տերեւն նման,
Պօյիկդ է բարակ ‘ւ երկան,
Ի շամբայ եղէգն ի նման»:
1909 թուականին ես դարձայ հէքիաթի անուն, երբ Ղազարոս Աղայեանը գրի առաւ «Եղէգնուհի» զրոյցը: (1966ին պիտի դառնայի վէպի անուն՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին», իսկ 1970ին բանաստեղծութիւններու ժողովածու՝ «Եղէգան փող»): Կը սիրեմ «Եղէգնուհին» պատմութիւնը, ուր անտառի ծերունի մը թագաւորին կ՛ըսէ. «…Մեծ գետ կայ, նրա ափին մի եղէգնուտ կայ… Կ՛երթաս այնտեղ, կ՛ընտրես եղէգներից ամենից գեղեցիկը, կը կտրես չբանեցրած դանակով, կը ձգես ջուրը, եւ նա իսկոյն կը դառնայ աղջիկ՝ քո որդու հաւանած»: Աղայեանը ապա նկարագրեց թագաւորի հարսնացուն. «Ամէնքը մնացին հիացած։ Ի՜նչ գեղեցկութիւն, ի՜նչ շարժմունք, ի՜նչ խօսք ու զրոյց։ Եղէգնուհու հասակը իսկ եւ իսկ եղէգնի նման ճկուն ու ճօճուն, երբ խօսում էր՝ կարծես բերանից մարգարիտ էր թափւում, երբ ժպտում էր՝ երեսին վարդ-մանիշակ էր փռւում»: Նոյն գրական պատկերն էր, երբ Ակսել Բակունց «Միրհաւ» պատմուածքին մէջ նկարագրեց միրհաւ թռչունի պէս նրբավիզ եւ երկչոտ նորահարս Սոնային. «Որպէս եղէգ ճօճուեց նրա դալար մարմինը եւ մէջքը խոնարհեց… Անիմաստ մաքառումից յոգնած, հարսը սրտաբուխ նրան ընծայեց իր մարմինը, որպէս անարատ զոհ»: Գուրգէն Մահարին նոյն ձեւով նկարագրեց իր նորահարս մայրը. «Մայրս ջահել մի եղէգ»:
Ըմբոստի եւ պայքարի տարիներուն, սիրոյ շշունջը տեղի տուաւ բորբոքած շունչի: Ես դարձայ ազատութեան ոգին ու հայ ժողովուրդի խօսող փողը: Այդ օրերուն «Եղէգնեայ գրչով» Վարուժանը երգեց «…փառքեր, քուրմեր, հարսեր, տունը, օճախը, արիւն ու վէրքեր»: Անոր կոթողային «Ձօն»ը աւարտեցաւ բոցաշունչ. «Եղէգնեայ գրչով վրէժ երգեցի. / Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր»: Ինծի նման էր նաեւ Միսաք Մեծարենցը հեզ ու շիկնոտ: Եղիշէ Չարենցը հետեւեալ տողերով արտայայտեց իր սէրը Ակնցիի հանդէպ. «Աշխարհից հեռու մի գիւղում, եղէգնեայ մի սրինգ կտրած, / Արե՜ւ է երգել ու գարուն այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին»: Կոմիտասն ալ նման էր ինծի: Շահան Շահնուրը ըսաւ. «Նուրբ եղէգ մըն էր հրաշագործ, ան ճաթեցաւ»: Իսկ Լեւոն Շանթը զիս վերածեց համամարդկային արժէքի. «Մարդը մտածող եղէգ մըն է»:
Հովը փչեց: Եղէգները խոնարհեցան: Լռութիւն տիրեց շամբի մէջ, գետերու ափին, լիճերու եզրին: Մարդացած եղէգը վերադարձաւ իր բնութեան: Բանաստեղծը երազկոտ նկարագրեց հայրենի բնանկարը: Տէրեանը ըսաւ. «Խորհրդաւոր է երկինքն երազուն. / Վարսաթա՜փ ուռի, դողդոջո՜ւն եղէգ»: Ապա երգեց Աւետիք Իսահակեանը. «Շղարշ-ամպերն երկինքն առած, / Լուսնակն անդորր կը շողայ, / Լռիկ ճահճում հարհանդ-մարմանդ, / Նուրբ եղէգը կը դողայ»:
Այսօր թող յօդուածը աւարտի Խաչատուր Աւետիսեանի եղէգնօրօր մէկ երգով՝ «Իմ եղէգ», խօսք՝ Լիւդվիգ Դուրեանի.
«Դու ծաղկած իմ սէր, շրշում ես նազով,
Կարօտն իմ սիրտն է լցրել գարնան երազով:
Դու իմ եղէգ, դալար եղէգ, ինչքան խոնարհ ես,
Դու հովերի քոյրն ես եղել, եարիս նման ես»:
Գրաբարախօս Գրաբառախօս ,
Գրաբարախօս
Գրաբար. Հայոց հին գրական լեզուն, գործածութեան մէջ եղած է 5-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դարու կէսը: