ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 29 Օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէին Արցախի պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանն ու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան պետ Աշոտ Զաքարեան քննարկուեցան բանակաշինութեան վերաբերող կարգ մը հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Արցախի ու Հայաստանի փոխգործակցութիւնը՝ իբրեւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւոր նախապայմաններէն մէկը: