ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ շատ վաղուց հանդիպում ունեցած է եւ իր հրաժարականին մասին խօսակցութիւն չէ ունեցած:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչո՛վ պայմանաւորուած են Թորոսեանի հրաժարականին վերաբերեալ խօսակցութիւնները. կա՞ն, արդեօք, հիմքեր, նման խօսակցութիւններ ունեցա՞ծ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ՝ նախարարը ըսաւ. «Վարչապետի հետ նոյնիսկ չեմ յիշում վերջին անգամ երբ եմ հանդիպել, այնքան վաղ է եղել, հետեւաբար, նման խօսակցութիւն չեմ ունեցել: Նման հապարակումներ կան արդէն երկու տարի, հետեւաբար, իմաստ չեմ գտնում պատճառներ փնտռել, թէ ինչո՛ւ: Մի գուցէ ոմանց դրդմամբ, մի իգուցէ գլոբալ քաղաքական շահարկումների՝ ոչ միայն իմ անձով պայմանաւորուած, բայց պատաասխանները արդէն տրուել են», նշեց Թորոսեան:
Լրագրողը հարցուց, որ արդեօք կոշտ խօսակցութիւն ունեցա՞ծ է վարչապետին հետ եւ, ընդհանրապէս, «Քորոնա» ժահրի վարակի ծիրին մէջ իր աշխատանքը ինչպէ՞ս կը գնահատէ վարչապետը. Թորոսեան պատասխանեց, որ աշխատանքի գնահատականը կը կատարուի սկսեալ հրապարակային նիստերէն, մինչեւ առանձնազրոյցներ, սակայն չի յիշեր, որ վարչապետին հետ ե՛րբ եղած է վերջին հանդիպումը. «Ասել եմ ու էլի եմ ասելու, որ կորոնավիրուսի դէմ պայքարը առողջապահութեան նախարարութեան գործը չի միայն, այլ ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան: Բոլոր գերատեսչութիւնները իրենց մասով արել են իրենց աշխատանքները եւ շարունակում են անել», շեշտեց նախարարը։