Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն թեմի վաստակաւոր երաժշտագէտ, հասարակական գործիչ եւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասի երկարամեայ խմբավար փրոՖ. Արա Մանաշի մահը, որ պատահեցաւ 23 Օգոստոս 2020ին։
ՓրոՖ. Մանաշ երկար տարիներ մեծ բծախնդրութեամբ վարած է Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ երգչախումբի խմբավարի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ սիրայօժար կերպով՝ Համազգայինի Լոս Անճելըսի «Գուսան» երգչախումբի խմբավարութիւնը, մեծ դեր ունենալով երգչախումբի հիմնադրութեան մէջ եւս։ Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային երկրորդական վարժարանին մէջ՝ իբրեւ երաժշտութեան պատասխանատու ուսուցիչ. գործունեայ անդամ եղած է նաեւ «ՐաՖՖի» Ռումանահայ միութեան։
Առ ի գնահատանք տասնամեակներու նուիրեալ իր ծառայութեան եւ ազգանուէր գործունէութեան՝ 11 Հոկտեմբեր 2004ին արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ, ձեռամբ թեմիս բարեջան առաջնոր Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն՝ Վարուժանին եւ Անիին, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, Հոլիվուտ Հիլզի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՄԱՆԱՇի մահուան տխուր առիթով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՄԱՆԱՇի՝ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի երկար տարիներու ղեկավարին մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեաելի զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՄԱՆԱՇի՝ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ բազմավաստակ երաժշտագէտին, խմբավարին եւ դպրապետին մահուան տխուր առիթով, եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը եւ յարակից մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեաելի զաւակներուն եւ համայն հարազատներուն։