ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն»․- 22 Օգոստոսին, Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք․ Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ ազգային երերեսփոխաններու, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ գումարեց Ազգային Երեսփոխանական ժողովը:
Ժողովի բացման աղօթքէն ետք, սրբազանը ընթերցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական ողջոյնի խօսքը, ապա ժողովը անցաւ օրակարգերու գործադրման եւ ընտրեց իր դիւանը` Ծովիկ Թերզեան (ատենապետ) եւ Կարպիս Մէշէֆէճեան (ատենադպիր)։ Նստաշրջանի օրակարգերուն ընթացքին քննուեցան առաջնորդին, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան եւ ընդհանրապէս Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ տեսլականը յառաջիկայ տարիներուն:
Այնուհետեւ, առաջնորդը փոխանցեց իր խօսքը, իսկ յանուն Ազգային վարչութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Համբիկ Գարայեան:
Յաջորդող օրակարգերով, ժողովը լսեց յանձնախումբերու գնահատականները, ինչպէս նաեւ Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան զեկուցումները։ Ժողովականներուն ուղղած հարցումները գտան սպառիչ պատասխաններ։ Ժողովը կատարեց տարուած աշխատանքին ըստ էութեան քննարկումը եւ «յոյժ գնահատելի» բանաձեւը որդեգրեց առաջնորդին, զոյգ գործադիր մարմիններուն ու անոնց կողքին աշխատող բոլոր միաւորներուն նկատմամբ։
Ապա, ժողովը Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեց՝ Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեանը, Վարդան վրդ. Թաշճեանը եւ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանը: Ազգային վարչութեան լրացուցիչ ընտրութենէն ետք, յառաջիկայ տարուան համար կազմը կը ներկայացնեն՝ Թալին Ապրագեան, Արփի Աշքարեան, Համբիկ Գարայեան, Յակոբ Ճանպազեան, Նազար Չաթալեան, Նորայր Պէզճեան, Աննա Պուլկարեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Մարիա Քէօսէյեան:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ժողովը ծանօթացաւ վեհափառին կողմէ տրամադրուած եռանուն ցանկին եւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վերընտրեց Բաբգէն արք․ Չարեանը՝ պաշտօնավարութեան 2րդ քառամեակի մը համար։
Նստաշրջանի փակման խօսքը փոխանցեց սրբազանը։ Ան շեշտեց, որ Ազգային առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ու պիտի գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար եւ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով: