ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 24 Օգոստոսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան համագործակցութեամբ, Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցեց առաւել քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական իրեր: Այս մասին կը փոխանցեն Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:
Տեղւոյն առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները շնորհակալութիւն յայտնեցին հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ «Հայ ծերանոց», «Դարմանատուն», «Բեթել» ընկերաբժշկական կեդրոններուն, շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ցուցաբերած բժշկական ամէնօրեայ օժանդակութեան համար:
Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն` առաջին իսկ օրերէն անոնց ցուցաբերած օգնութեան համար։
Հայաստանի մարդասիրական խումբը Սուրիոյ Օգնութեան խաչի վարչութեան համագործակցութեամբ՝ Հալէպի հայ համայնքին պատկանող «Ազգային պատսպարան» մանկատան սաներուն փոխանցեց նաեւ անհրաժեշտ իրեր եւ ուտելիք: