ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 17 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան եւ քաղաքական խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի, ԿԿի նախագահ Արթուր Մոսիյեանի եւ ԿԿի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ:
Բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն՝ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դ. Իշխանեան կարեւոր նկատեց քաղաքական ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը` ընդգծելով արտաքին քաղաքական ճակատին վրայ միասնական օրակարգով հանդէս գալու անհրաժեշտութիւնը:
Իր խօսքին մէջ «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեան նշեց ՀՅԴին` համազգային շահերուն նպատակաուղղուած գործունէութիւնը եւ առանցքային դերակատարութիւնը` ազգային արժէքներուն պահպանման ու Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու եւ միասնութեան ամրապնդման գործին մէջ: Այնուհետեւ Ա. Վանեցեան անդրադարձաւ իր ղեկավարած կուսակցութեան նպատակներուն եւ ծրագիրներուն, ներկայացուց նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իրենց տեսլականը:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատեցին պետական հիմքերու ամրապնդումը, ներքին համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական զոյգ պետականութիւններուն դերը`ազգային արժէքներու պահպանման եւ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ` իբրեւ ազգային անվտանգութեան բաղադրիչ:
Այնուհետեւ քննարկուեցան Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին միասնական քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները յոյս յայտնեցին, որ յառաջիկային եւս միտքերու փոխանակման եւ գործնական աշխատանքեր իրականացնելու առիթներ կը ստեղծուին: