Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ, «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ սփռումով, 15 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ «Հայերը՝ Լիբանանի կողքին» համահայկական բարեգործական համերգային ծրագիրը, որուն ամբողջ հասոյթը պիտի ուղղուի Լիբանանի հայ համայնքի օժանդակութեան:
Առցանց համերգին իրենց ստեղծագործութիւններով մասնակցեցան խումբ մը արուեստագէտներ:
Հայ Օգնութեան Միութեան կազմակերպած առցանց բարեգործական համերգին աւարտին յայտարարուեցաւ, որ հանգանակուած է 600,000 տոլար: