Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին՝ Թուրքիոյ պետական բռնարարքներուն նուիրուած «Զում»ով առցանց ներկայացում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 29 Օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ (Լոս Անճելըսի ժամով):
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրի վարիչ դոկտ. Ստեփան Աստուրեան պիտի խօսի 19րդ դարէն սկսած եւ մինչեւ այսօր շարունակուող Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու հալածանքներուն մասին ե այդ նիւթով իր ու դոկտ․ Ռէյմընտ Գէորգեանի խմբագրած նոր հատորին մասին, որ այս ամիս լոյս պիտի տեսնէ։
Դոկտ․ Աստուրեան պսակաւոր արուեստից եւ Մագիստրոսի իր վկայականները ստացած է Փարիզի «Սորպոն» համալսարանէն, իսկ Մագիստրոսի երկրորդ վկայականը եւ դոկտորան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA), Արդի հայոց եւ Կովկասի պատմութեան ճիւղին մէջ: Ան հեղինակն է մասնագիտական բազմաթիւ յօդուածներու, եւ խմբագրած է պատմագիտական պարբերաթերթեր ու հատորներ:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ հետեւեալ կայքէջին վրայ․ https://us02web.zoom.us/j/5388322794?pwd=MWJVSU5oTHFnWHJHclcrbDcxMXJiQT 09
(Meeting ID: 538 832 2794
Password: 381750)
Կանխաւ արձանագրուելու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել arpainstitute@aol.com հասցէին: