14 Օգոստոսին, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի լրիւ կազմերը, Բիւրոյի հրաւէրով գումարեցին առցանց միացեալ ժողով մը: Ժողովի օրակարգը կ՛ընդգրկէր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով յառաջացած աղէտէն ետք Լիբանանի ներքաղաքական կեանքին ապրած հոլովոյթը, լիբանանահայութեան իրավիճակին եւ այս ծիրին մէջ ծաւալող համահայկական օժանդակութիւններու ծրագիրները ու աշխատանքները:
Նախ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ միջազգային, պետական եւ դիւանագիտական հարթակներու վրայ Բիւրոյի եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան եւ լոպիինկի աշխատանքին՝ մեծ պետութիւններէ Լիբանանին նպաստ ապահովելու առաջադրանքով: Ապա ան ներկայացուց լիբանանահայութեան վերականգնումին համար տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքի եւ օժանդակութիւններու աշխատանքները՝ հաստատելով, որ բոլոր շրջաններն ալ հետեւողական ու կազմակերպ գործի անցած են: Տէր Խաչատուրեան ողջունեց Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին ստեղծումը եւ մաղթեց, որ անիկա յաջողի իր ժողովրդանպաստ առաքելութեան մէջ:
Ապա, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցեց Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ ճգնաժամին մասին, որմէ ետք Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Կեդրոնական կոմիտէի օժանդակութիւններու աշխատանքներու այլ մարզերու պատասխանատու ընկերներ ներկայացուցին լիբանանահայութեան կրած վնասներուն ընդհանուր նախնական գնահատումը եւ ցարդ կատարուած ու ծրագրուած աշխատանքերուն մասին տեղեկութիւններ:
Միացեալ ժողովը գնահատեց համահայկական տարողութեամբ Լիբանանի հայութեան կողքին կանգնելու եւ գործնապէս օժանդակելու համայն հայութեան պատրաստակամութիւնը: Յատուկ գնահատանքի արժանացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կոչը եւ հոգածութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան առանցքային դերը, ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական եւ ուղեկից միութիւններու նախաձեռնութիւնները, հայ հոգեւոր պետերու եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ստեղծած զօրաշարժը:
Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյին եւ տարբեր երկիրներու ՀՅԴ կազմակերպական մարմիններու յայտնած նեցուկին եւ արագ կիրարկած նախաձեռնութիւններուն: Իսկ ՀՅԴ Բիւրօն վերահաստատեց, որ ճգնաժամային այս փուլին ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր համահայկական ընտանիքով, պիտի շարունակէ Լիբանանի հայութեան ցուցաբերել ամբողջական զօրակցութիւն:
ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ