Երախտագիտութեան եւ յարգանքի խառն զգացումներով Ազգային վարժարանը կ՛ողջունէ վարժարանիս Հայերէն բաժանմունքին երկարամեայ դասատուներէն Արմենիկ Հայրապետեանի, Անի Պէրպէրեանի, Սեդա Տէր Մարտիրոսեանի եւ Հռիփսիմէ Գարայեանի՝ հանգստեան կոչուելու որոշումը:
Մեր լաւագոյն մաղթանքները կը յղենք անձնուէր ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին՝ պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու մեր լեզուն, պատմութիւնը եւ ազգային ժառանգութիւնը: Երախտապարտ ենք հայ լեզուի այս մշակներուն, որոնք իրենց տեսլականին հետեւելով՝ երկար տարիներ յանձն առին սերունդները առաջնորդելու նուիրական գործը: Անոնց ջանքերով սերունդներուն փոխանցուած հայ ժողովուրդին հայրենասիրութեան ջահը պիտի մնայ վառ: Տասնամեակներ շարունակ համայնքին կողմէ յարգուած եւ մեծարուած անզուգական այս ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն եւ պաշտօնակիցներուն կողմէ յաւերժ պիտի յիշուին:

Արմենիկ Հայրապետեան 1987էն սկսեալ ուսուցչական պաշտօն վարած է Շամլեան վարժարանին մէջ: Հետամուտ ըլլալով հայոց լեզուին եւ մշակոյթին հանդէպ սէր սերմանելու նուիրական գործին, միաժամանակ հետեւած եւ ձեռք ձգած է երկլեզու ուսուցման պսակաւոր արուեստից վկայականը, մասնագիտանալով հայերէնի դասաւանդման ճիւղին մէջ եւ վկայուելով իբրեւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի: Հայրապետեան Ա., Բ. եւ Գ. կարգի աշակերտներուն հոգիներուն մէջ հայրենասիրութեան ոգին սերմանեց: Աւելի քան երեք տասնամեակներ ան հայերէնի տարրական գիտելիքները դասաւանդեց հայ մանունկերուն, պատրաստելով ապագայի հայերէնախօս սերունդը:

Անի Պէրպէրեան Շամլեան վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն սկսած է վարել 1989էն սկսեալ: Երկար տարիներու ուսուցչական փորձառութիւն եւ հայագիտութեան պաքալորիայի աստիճան ձեռք բերած ըլլալով, իր գիտելիքներուն եւ հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութեան շնորհիւ, կարճ ժամանակի ընթացքին Պէրպէրեան իր շրջապատին սիրելին եղաւ: Ան վարժարանին մէջ դասաւանդած է Ե., Զ. եւ Ը. կարգի աշակերտներուն: Հայերէնին հանդէպանոր սէրը եւ համակրանքը հայ պատանիներուն հոգիներուն մէջ սերմանելուն զուգընթաց Պէրպէրեան իր գործունէութիւնը ծաւալելով՝ առաջնորդած է վարժարանիս Հայկական ակումբին աշխատաքները, ղեկավարած է մարդասիրական եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ, ինչպէս նաեւ մշակած է հայրենիքին աջակցելու զանազան ծրագիրներ:

Սեդա Տէր Մարտիրոսեան Շամլեան վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարած է 1991էն սկսեալ: Հայերէն եւ գրականութիւն դասաւանդելու մարզին մէջ իր ստացած գիտելիքները եւ վկայագիրները ծառայած են իբրեւ անսպառ եւ ներշնչող աղբիւրներ իր աշակերտներուն: Հայերէն եւ պատմութիւն դասաւանդելը Տէր Մարտիրոսեան կեանքի նպատակ կը համարուէր: Երեք տասնամեակներու տեւողութեան, ան իր գիտելիքները փոխանցեց Դ., Ե. Եւ Զ. կարգի աշակերտներուն: Իր աշակերտներուն հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյն եւ հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած նախանաձախնդրութեան շնորհիւ, Տէր Մարտիրոսեան՝ իբրեւ կրթական մշակ Հայկական բաժանմունքին ծառայեց, իր ուսերուն վերցնելով մեր մշակոյթը յաջորդ սերունդին փոխանցելու պարտաւորութիւնը:

Հռիփսիմէ Գարայեան Շամլեան վարժարանին մէջ ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է 1985ին: Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու, հայ գրականութեան, ինչպէս նաեւ մանկավարժութեան ճիւղին մէջ իր ստացած դոցենտի աստիճանը առիթ ընձեռնեց աշակերտներուն հետ դիւրահահաղորդ ըլլալու եւ դասաւանդման ծրագիրներ մշակելու իւրաքանչիւր աշակերտի կարիքին համաձայն: Առաւել քան երեսուն տարիներ ուսուցչական փորձառութիւն ունենալով, Գարայեան հպարտութեամբ ծառայեց Հայ Դատին, կեանքի նշանաբան ունենալով ո՛չ միայն հայերէն եւ մշակոյթ ջամբել յաջորդ սերունդին, այլ անոնց հայկական ոգի փոխանցել :
Օրինակելի այս չորս ուսուցչուհիները եղան ռահվիրաներ, որոնց սէրը, ծառայութիւնը եւ նուիրուածութիւնը հայ մանուկներուն հանդէպ սահմաններ չեն ճանչնար: Թէեւ մենք, մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ կը գնահատենք անոնց նուիրեալ աշխատանքը, այսուհանդերձ անհամբերութեամբ կը սպասենք, որ տիրող իրավիճակը բարելաւուի եւ անձամբ կարենանք գնահատել եւ պատուել զանոնք:
«Հայ ժողովուրդին բնաւորութեան գիծերն են՝ սորվիլ, հարցնել, օգտագործել, յայտնագործել, յօրինել, վերանայիլ, վերականգնել, պահպանել, կառուցել եւ տալ», գրած է Ու. Սարոյեան:
Շամլեան վարժարանի մեծ ընտանիքը՝ տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտները եւ ծնողները, բարի երթ կը մաղթեն սիրելի ուսուցչուհիներուն եւ կ’՛ըսեն. «Ձեր բոլորին վարձքը կատար»:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)
Վարձքը կատար երախտաշատ ուսուցչուհիներուն. Հանգիստի իրաւունքը լիուլի վաստակած են անոնք: Զիս մեծապէս հետաքրքրողը զիրենք փոխարինողներն եմ. Հետաքրքրական է իմանալ թէ միանուագ կերպով հանգստեան կոչուած չորս ուսուցչուհիները ինչ “կադր”երով պիտի փոխարինուին: