ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ․Պի․Սի».- Քոնկրեսի դեմոկրատ ղեկավարները յառաջիկայ շաբաթ վկայութիւն տալու կանչեցին նամակատան խնդրայարոյց նոր պետը՝ Լուիս ՏըՃոյը, որուն նշանակումէն ի վեր յատկանշական կրճատումներ կատարուած են եւ զգալիօրէն դանդաղած է նամատան աշխատանքը։
Նշենք, որ ՏըՃոյ Թրամփի հաւատարիմ նուիրատուներէն մէկն է, որ ոչ մէկ փորձառութիւն ունի նամակատան մարզին մէջ։
Հակառակ այն իրողութեան, որ ինք եւս նամակատան միջոցաւ կը քուէարկէ, նախագահ Թրամփ կ՛ընդդիմանայ ջանքերուն նամակատան յատկացնելու 25 միլիառ տոլար, որուն մէկ մասը վերապահուած է նամակատան միջոցաւ քուէարկութեան գործողութեան։
Չի կարելի այսքան մէկ կողմանի դատել։ Մեր ձեռքով դրած քուէները խարդախութեան են ենթարկում, վա՜յ փոսթով ղրկած քուէներին։ Մեռած մարդկանց անուններով, շուների եւ կատուների անուններով քուէներ պիտի ղրկուեն եւ քննելու միջոց ալ չի կայ։ Չի կարելի այսքան կոյր լինել եւ չտեսնել թէ ինչքան է յաջողել չորս տարուայ ընթացքում նախագահ Թրամփը։ Ինչ որ խոստացաւ՝ կատարեց։ Կը բաուէ այսքան կոյր ձեւանալ։ Ով որ սոշալիզմ է ուզում թող երթայ այդ երկիրներում ապրի, լեցուն են այդ երկիրները։ Պարտաւոր չէ ոչ ոք հոս մնալու, գացէ՛ք։ Հաւատք ալ չունեն այս դեմոկրատները, որ ըսեմ Աստուած ձեզ հետ, անհաւատների հաւաքածոյ են։