ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ Մարտի կէսերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նուազ քան մէկ միլիոն քաղաքացիներ (963,000) մէկ շաբթուան մէջ դիմում կատարած են անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու, մինչ մօտաւորապէս 15.5 միլիոն ուրիշներ կը շարունակեն այդ ապահովագրութենէն նպաստ ստանալ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 12 Օգոստոսի յետմիջօրէին հաղորդուեցին, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին մահացած են վարակուած 58 քաղաքացիներ եւ արձանագրուած են 2428 նոր վարակումներ:
Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 595,000 վարակումներ եւ 10,813 մահեր:
Մօտաւորապէս 5.3 միլիոն վարակակիրներով եւ 169,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3.2 միլիոն, 2.45 միլիոն եւ 907,758 վարակուածներ: Նաեւ, Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 104,528 մահեր, Մեքսիքայի մէջ՝ 54,666, իսկ Հնդկաստանի մէջ՝ 48,142։
Աշխարհի տարածքին վարակուածներու թիւը կը մօտենայ 21 միլիոնի, իսկ մահերուն թիւը՝ 750,000ի: Ապաքինած են 13.8 միլիոն վարակուածներ:
Յայտնենք, որ Միացեալ Նահագներու կառավարութիւնը 100 միլիոն պատուաստներ գնելու համաձայնութիւն կնքեց «Մոտերնա»ի հետ, որուն պատուաստը փորձարկումի վերջին հանգրուանին մէջ է: