ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Եահունիուզ».- Հակառակ այն իրողութեան, որ ինք եւս նամակատան միջոցաւ կը քուէարկէ, նախագահ Թրամփ Հինգշաբթի օր «Ֆաքս» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդունեց, որ դեմոկրատներու հակակշիռին տակ գտնուող Ներկայացուցիչներու տան 3.5 եռիլիոն տոլարի աջակացութեան ծրագիրին կ՛ընդդիմանայ, որովհետեւ անոր մէջ 25 միլիառ տոլար վերապահուած է նամակատան միջոցաւ քուէարկութեան ջանքերուն։
Այս կը նշանակէ, թէ նախագահը դարձեալ իր լիազօրութիւնը կը շահագործէ քաղաքական սեփական շահերուն համար, որովհետեւ համոզուած է, որ նամակատան միջոցաւ քուէարկողներու թիւին աճը վնաս պիտի հասցնէ վերընտրուելու իր ջանքերուն։