ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար զօրակցական հեռաձայններ ստացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանէն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանէն եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն, Սահակ Բ. Պոլսոյ պատրիարքէն, թեմակալ առաջնորդներէն, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանէն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի պատասխանատու ազգայիններէ, ինչպէս նաեւ օտար հոգեւոր պետերէ ու միջ-եկեղեցական պատասխանատու անձնաւորութիւններէ։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին կաթողիկոսին եւ անոր ընդմէջէն Լիբանանի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ իրենց պատրաստակամութիւնը՝ սատար հանդիսանալու լիբանանահայութեան իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ։
Յայտնենք, որ երէկ ուշ գիշերին, հայրապետը նաեւ զօրակցական հեռաձայն մը ստացած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն։
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պայթումէն ետք անմիջապէս ուղղուեցաւ վնասուած Պուրճ Համուտ քաղաքը եւ քաղաքապետին ու պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ շրջեցաւ հայահոծ թաղերը, հանդիպում ունեցաւ վիրաւոր հայորդիներու հետ, օրհնեց զանոնք ու բարի ապաքինում մաղթեց անոնց եւ մօտէն ծանօթացաւ տիրող կացութեան: Յայտնենք, որ հայրապետը Պուրճ Համուտէն մեկնելէ առաջ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց քաղաքապետարանին, որպէսզի ժողովուրդին անմիջական կարիքներուն համար: