ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մահաբեր պայթումին: Ան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ի հետ: Այս մասին «Սիվիլնեթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի նաագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:
«Նախագահը յայտարարեց, որ մենք պատրաստ ենք 100-150 ընտանիքներ ընդունելու Արցախի մէջ: Այդ մտադրութիւնը եղած է նաեւ անցեալին՝ Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային եւ տնտեսական ծանր իրավիճակի հետ: Առաւել եւս, այս պայթումէն ետք, նախագահը խօսած է Արամ Ա․ի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է թէ՛ ընտանիքներու ընդունման, թէ ալ զանազան աջակցութեան ծրագիրներ իրականացնելու առումով: Այսինքն, բոլոր հնարաւորութիւններով այսօր Արցախը պատրաստ է օգնելու լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին», յայտնեց Վահրամ Պօղոսեան: