ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՌՈՍՏՈՄ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՎԱՐԵՑ՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ուրբաթ, 24 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը շուրջ 2ին, թուրք-ատրպէյճանցի բարբարոսներու խմբակ մը մուտք գործեց Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնէն ներս եւ այլազան վայրագ գրութիւններով պատեցին Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանին ու Սարոյեան սրահին պատերը:
Առաւօտեան ժամը 6ին, Հայ կեդրոնի գիշերապահը տեսնելով պատահածը՝ անմիջապէս տեղեակ պահեց հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեանը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Պրն. Այնթապլեան, իբրեւ այս գաղութի ներկայացուցիչներէն եւ պատասխանատուներէն մէկը՝ ըսէք ձեր ընդվզումն ու հակազդեցութիւնը եղածին մասին:
ՌՈՍՏՈՄ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Երբ Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնը հասայ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երեւակայածէս շատ աւելի գէշ վիճակի մէջ գտայ կեդրոնը եւ ԳԶՎ վարժարանին պատերը: Անշուշտ՝ առաջին հերթին ստուգեցի ու հաստատեցի, թէ մարդկային ու կալուածային վնասներ չկան. բարեբախտաբար, միայն պատերը ներկուած էին բարբարոս ու անկիրթ անձերու կողմէ, որոնց ինքնութիւնը, պատերու գրութիւններէն յստակ էր, թէ թուրք կամ ատրպէյճանցի էին ազգութեամբ:
Ընդվզած՝ ջղային եւ քիչ մըն ալ յուսահատական զգացումներ ունեցայ պահ մը, ես ինծի մտածելով՝ թէ ինչո՛ւ արթուն չեղանք եւ թոյլ տուինք, որ նման անարգ ոճիր մը պատահի: Մանաւանդ երբ դիտեցի ապահովական սարքերուն արձանագրած տեսերիզը՝ տեսայ չորս ծպտուած անձեր ամենայն համարձակութեամբ ու շատ հանգիստ, նոյնիսկ առանց աճապարանքի՝ լիրբ իրենց արարքով կը փորձէին կարծես մեզմէ՝ հայերէս վրէժ լուծել, երբ իրենց երկիրն ու բանակը նոյն ժամերուն, մեր հայրենիքի սահմաններուն վրայ զինուորական ծանր կորուստներ կրած՝ կը նահանջէին:
Երբ տակաւին զայրոյթի այս մտորումներուն մէջ էի՝ տեսայ, որ հոծ բազմութիւն մը կ՛ողողէր մեր կեդրոնի շրջափակը: Վարժարանի ներկայ թէ շրջանաւարտ աշակերտները, իրենց ծնողներով եւ գաղութի անդամներով, օգնութեան պատրաստ՝ հասեր էին կեդրոնը՝ մաքրելու, նորոգելու ու վերականգնելու այն, ինչը ոճրագործ թշնամին փորձեր էր ընել: Ահա՛ այն ատեն սիրտ արի եւ քաջալերուեցայ այս տեսարանով, մոռնալով պահ մը առաջ ապրած պարտուողական զգացումս: Պահանջատէր հայրենակիցներս, գաղութային մասշտբով զօրակցութեան հասեր էին:
Հաւաքաբար մտածեցինք պատահածը ցոյց տալ մեր անմիջական շրջապատին եւ հանրութեան, պարզապէս ըսելու համար, որ մեր թշնամին որքան ստոր է ու տկարամիտ, որ միայն կէս գիշերին կրնար ցանկապատէն ցատկելով՝ մեր կեդրոնի ու դպրոցի պատերը իրենց պէս լկտի ու ստոր բառերով ներկել:
Նոյնպէս անդրադարձայ, որ այս պատահածը որքան ալ նեղացուցիչ ըլլար մեր սիրտերուն, նոյնքան եւ շատ աւելի դաստիարակչական էր մեր երիտասարդներուն ու դպրոցի աշակերտներուն համար, որոնք, բոլորն ալ, ազգային բարձր զգացումներով տոգորուած՝ ուշի ուշով մտիկ կ՛ընէին իրենց մեծերուն տուած բացատրութիւնը թէ՛ այսօր հայրենի սահմաններուն եւ յատկապէս Տաւուշի շրջանին մէջ, մեր քաջարի հայ զինուորները տարած էին այնպիսի յաղթանակներ, որոնք ամօթի կը մատնէին մեր թշնամին:
Այս բոլորին անդրադառնալով, ես հանգստացայ. ետիս ձգած ամէն մտահոգութիւն՝ մտայ մեր երիտասարդներուն մէջ ու նոր ոգեւորութեամբ՝ ես ալ մասնակցեցայ անոնց յառաջիկայ աշխատանքները ծրագրելու գործին, զոր կը գլխաւորէին շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէն, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ վարժարանի տնօրէնութիւնը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը մտածեն, ի՞նչ որոշումներ կ՛առնէն շրջանի պատասխանատու մարմինները՝ շրջանի ՀՅԴ մարմինը, Հայ Դատի յանձնախումբը, ԳԶՎ վարժարանի կազմը, հոգաբարձութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւնները:
ՌՈՍՏՈՄ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Ինչպէս նշեցի, վերոնշեալ աշխատանքներուն ծիրին մէջ, լուր տուինք տեղական իշխանութիւններուն եւ պետական պատկան մարմիններուն՝ Սան Ֆրանսիսքոյի ոստիկանութեան, քաղաքապետարանին, քաղաքի ընդհանուր դատախազին եւ շրջանիս Քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն, որոնք բոլորն ալ պաշտօնական իրենց հանգմանքով կամ անհատապէս դատապարտեցին եւ իրենց վրդովմունքը յայտնեցին ատելութեամբ լեցուն այս յանցագործութեան նկատմամբ, նոյն ժամանակ հաստատելով, որ զօրավիգ կը կանգնին մեր համայնքին եւ պատրաստ են ամէն կերպ օգտակար ըլլալու մեզի, խոստանալով ճիգ չխնայել՝ գտնելու ատրպէյճանցի այս խուլիգանները, զանոնք պատժելու համար օրէնքին սահմանած ամենածանր պատիժով:
Ըսեմ նաեւ, որ շրջանի լրատուական գործակալութիւնները եւ պատկերասփիւռիկայանները մանրամասնութեամբ անդրադարձան այս հակահայ յանցագործութեան: Այս առիթով կ՛ուզեմ գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր պետական պաշտօնատարներուն որոնք զօրակցեցան մեր համայնքին եւ լրատու հաստատութւիններուն՝ որոնք լայնօրէն արձագանգեցին դատապարտանքի յայտարարութիւններուն:
Մեր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ կազմակերպել գաղութային հաւաք մը մեր վարժարանի բակին մէջ, այնտեղ հրաւիրելով քաղաքապետ Լոնտոն Պրիտը, ընդհանուր դատախազ Չեսա Պուտինը, ոստիկանապետը, Քոնկրեսի շրջանի ներկայացուցիչ Աննա Իշուն եւ այլ քաղաքական դէմքեր, որպէսզի անոնք առիթ ունենան անգամ մը եւս հանրային ձեւով իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու մեր գաղութին, յստակ պատգամ մը փոխանցելով ատրպէյճանցի խուլիգաններուն թէ իրենց ստոր արարքը անպատիժ պիտի չմնայ:
Հոս կուզեմ նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել շրջանի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին, ՔԶՎ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններուն: Մասնաւոր շնորհակալութիւն շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ եւ Ս.Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ փոխատենապետ Մաթէոս Սենեքերիմեանին, որ գիշեր ցերեկ աշխատեցաւ, վերոյիշեալ մեր ծրագրային աշխատանքներուն ծաւալուն արձագանգ տալու եւ զայն յաջողապէս կատարելուն համար: Բոլորին վարձքը կատար: