ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրին Ապահովութեան խորհուրդի նիստին արծարծեց հայ-ատրէպէյանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը՝ ընդգծելով, ան անիկա շատ զգայուն հարց մըն է Ռուսիոյ համար, տեղեկացուց Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով, առանց մանրամասնելու:
Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհրուրդը՝ նախագահ Փութինի ղեկավարութեամբ, արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կ՛անդրադառնայ հայ-ատրպէյճանական վերջին լարուածութեան: Հարցը քննարկուած էր նաեւ մէկ շաբաթ առաջ, որմէ ետք Մոսկուա յայտարարած էր, որ պատրաստ է հանդէս գալ ումիջնորդական առաքելութեամբ: