ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէն, շարունակելով իր առաքելութիւնը, կ՛աջակցի այն կառոյցներուն, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ։ Այս մասին յայտնեց Արցախի տեղեկատուական շտապը:
«Համավարակի կանխարգելման եւ վերահսկման նպատակով, Յուլիսի 8-22 ընկած ժամանակահատուածում, ԿԽՄԿն 13 բուժհաստատութեան, այդ թւում՝ հիւանդանոցներին, Համաճարակաբանութեան եւ հիգիենայի (առողջապահութեան-Խմբ.) կենտրոնին, շտապօգնութեան ծառայութեանը, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակների պետական ծառայութեանն է տրամադրել ախտահանիչ եւ մաքրող նիւթեր, պաշտպանիչ հանդերձանք», յայտնեցին շտապէն։
Համաճարակին բռնկումէն ի վեր Կարմիր Խաչը պարբերական կապի մէջ եղած է բոլոր կառոյցներուն հետ՝ վերջիններուս կարիքները գոյքագրելու եւ ըստ իրավիճակի բարդութեան արձագանգելու համար: