ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի ռմբակոծումէն տուժած Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ վերականգնման աշխատանքները արագ թափով կ՛ընթանան, հաշիւները ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարուին եւ քանի մը տուներ եւս պիտի մտնեն վերանորոգման փուլին մէջ։ Տեղեկութիւնը փոխանցած Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան Բերդի տարածաշրջանը կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին։
«Այսօրուայ այցի նպատակն է սահմանամերձ գիւղերում, որոնք հրետակոծութիւններից տուժել են, կրկին ուսումնասիրել վերականգնողական աշխատանքների ընթացքը: Մենք, որքան հնարաւոր է, դիտարկում ենք նաեւ առաւել անվտանգ տարածքներ՝ բնակարանաշինական ծրագրերի հետ կապուած», յայտնեց մարզպետը՝ աւելցնելով. «Ինչ խնդիր դրել էինք մեր առջեւ, լուծեցինք, աշխատանքներն ընթանում են իրենց բուռն ընթացքով: Մենք ամէն օր կ՛ունենանք եւս մի քանի բնակարանի վերջնական հաշուարկ, եւ այդ բնակարանները, տները եւս կը մտնեն վերանորոգման փուլ», յայտնեց Չոպանեան:
Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Ղուլարեան եւս մասնագէտներու հետ այցելեց Տաւուշի մարզի կարգ մը գիւղեր՝ Ներքին Կարմիրաղբիւր, Այգեպար եւ Չինարի, որոնք ատրպէյճանական յարձակումներուն իբրեւ արդիւնք ամէնէն աւելի վնասուած էին:
«Արդէն ընթացքի մէջ են 7 տան վերականգնման աշխատանքները: Մաքրման աշխատանքներ են իրականացւում 10 տան ուղղութեամբ: Կարծում ենք, որ առաջին հերթին պէտք է վերականգնենք Չինարի գիւղում վնասուած տունը. ընտանիքը բաղկացած է 10 հոգուց, որից 5ը՝ երեխայ: Տանտէրն առաջարկել է նոր տունը կառուցել ոչ թէ նախկինի տեղում, այլ տնամերձ հողամասի մէկ այլ՝ աւելի անվտանգ հատուածում, ինչին մենք համաձայնել ենք», կառավարութեան նիստին նշեց Արմէն Ղուլարեան:
Ըստ անոր՝ իրենք համայնքներու ղեկավարներուն առաջարկած են կատարել հողայատկացման աշխատանքներ. պէտք է նախագծել ազգային ճարտարապետական ոճով նոր կերպարի թաղամասեր. անոնք նոյնպէս պիտի յատկացուին կարիքաւորներուն: