ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սպանացի ծերակուտական Վիսենց Վիտալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն դէմ, Թուրքիոյ օգնութեամբ, Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած գործողութիւններուն մասին հարցումներ ուղղած է Ծերակոյտին: Այս մասին յայտնեցին Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:
«Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունի սպանական դիւանագիտութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն նկատմամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ՝ միջազգային համաձայնագիրներու խախտումով եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ կատարուած յարձակումին մասին», հարցադրման մէջ գրած է Վիտալ:
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Վիտալ կը նշէ, որ անհանգստացած է Ատրպէյճանի յարձակումներէն, իսկ Արցախը Հայաստան է: