ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 23 Յուլիսի կառավարութեան նիստին տրուեցաւ որոշում՝ 25 միլիոն դրամ յատկացնելու Տաւուշի մարզպետարանին, որպէսզի վերանորոգուին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ռմբակոծումին պատճառով վնասուած տուները եւ փոխհատուցում տրուի բնակիչներուն։
Հիմնաւորման համաձայն՝ Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն վնասուած անշարժ գոյքի փոխհատուցման համար, նախնական գնահատականով, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ առնուազն 150 միլիոն դրամ, որուն 25 միլիոնը առաջարկուած է յատկացնել հրատապութեան կարգով: Այս առիթով նաեւ ստեղծուած է գոյքագրման եւ գնահատման աշխատանքային խումբ, որ պիտի հետեւի ամբողջ գործընթացին։
Անդրադառնալով որոշման՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Այս փուլում մենք նախնական՝ ուղղակի արագ գումար ենք յատկացնում, որպէսզի աշխատանքները սկսեն հետագայ աւելի լայնածաւալ աշխատանքներ իրականացնելու համար: Սահմանապահ գիւղերում վարուող քաղաքականութեան հայեցակարգային փոփոխութիւն պէտք է իրականացնենք: Ընդհանուր առմամբ կայ կոնտեքստ (ենթաբնաբան-Խմբ.), որ այդ գիւղերը միեւնոյնն է գտնւում են գնդակոծման ուղիղ նշանառութեան տակ, եւ հետեւաբար այնտեղ տեղի ունեցող վերականգման աշխատանքներն արւում էին մի փոքր այս տրամաբանութեամբ: Մենք պէտք է տրամաբանութիւնը փոխենք, եւ սահմանապահ գիւղերը պէտք է ոչ թէ եւ ոչ միայն ուղղակի վերականգնուեն, այլեւ մենք պէտք է ունենանք այդ գիւղերի, բնակավայրերի զարգացման կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) քաղաքականութիւն, կոնկրետ ռազմավարութիւն։ Մենք պէտք է արձանագրենք, որ սահմանապահ գիւղերում Հայաստանը ոչ թէ աւարտւում է, այլ սահմանապահ գիւղերից Հայաստանն սկսւում է»:
Ան շեշտեց, որ այդ գիւղերուն մէջ առաջին հերթին պէտք է քաղաքաշինական եւ քաղաքաշինական նախագծման շատ լուրջ աշխատանք կատարուի: