ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 23 Յուլիսին, պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 14 Յուլիսին հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ծանրօրէն վիրաւորուած ժամկէտային զինուորական ծառայող, շարքային Արթուր Մուրատեան (ծնեալ 2001ին)։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Ան վիրաւորուած էր Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, եւ, հակառակ բժիշկներուն ճիգերուն, կարելի չեղաւ փրկել Արթուր Մուրատեանի կեանքը։
Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամին կողմէ Արթուր Մուրատեանի ընտանիքի անդամներուն պիտի տրամադրուին հատուցումներ յառաջիկայ 20 տարիներուն ընթացքին: Հիմնադրամը տեղեկացուց, որ հատուցման չափը պիտի ըլլայ 58 միլիոն հայաստանեան դրամ, որուն 10 միլիոն դրամը պիտի տրամադրուի միանուագ, իսկ մնացածը՝ ամսական հաւասար վճարումներով: