ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Սթրազպուրկի մէջ ոստիկանները չարտօնեցին ատրպէյճանցի ցուցարարներուն մօտենալ ԵԽԽՎի Հայաստանի ներկայացուցչութեան: Աւելի կանուխ այնտեղ հասած էին Ֆրանսայի հայերը, որոնք հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած լարուածութեան լոյսին տակ միասնութեան ցոյց կազմակերպած էին՝ հայրենասիրական երգ ու պարի ընկերակցութեամբ։
Հայորդի երիտասարդաց միութեան նախագահ Դաւիթ Յովսէփեան յայտնեց, որ բողոքի ցոյցին մասնակցեցան 250-300 հայ:
«Հաւաքուած էինք այնտեղ, որպէսզի ցոյց տայինք, որ հայերը ամէն երկվայրկեան, ամէն վայրկեան պատրատ են համախմբուելու: Ատրպէյճանցիները պէտք է ըլլային մեր հիւպատոսարանի դիմացի մայթին, բայց մենք այնքան շատ էինք, որ ոստիկանութիւնը անոնց թոյլ չտուաւ մօտենալ շէնքին: Զանոնք մօտաւորապէս 150 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը պահէին», ըսաւ Յովսէփեան: